2015-07-13 14:34:00

Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում` Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրերը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''երախտագիտութիւն եւ գորով սիրեցեալ Փարակուէյի ժողովուրդին''` այսպէս գրեց Սրբազան Հայրը Փարակուէյի նախագահ` Մանուէլ Քարթէս Ժարայի-ն յղած հեռագիրին մէջ, Լատին Ամերկայէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին։ Պոլիվիայի նախագահին եւս Սրբազան Հայրը ընդգծեց ''գորովն ու երախտագիրութիւնը'' իրեն յատկացուցած ջերմ ընդունելութեան, մաղթելով ''ներդաշնակ համակեցութիւն եւ կայուն խաղաղութիւն''։ Մինչ պրազիլցիներուն ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը մաղթեց ''Անդորր ու երջանիկ'' ապագայ մը եւ Քափօ Վերտէի բնակչութեան մաղթեց ''ամրապնդուած յոյս եւ ներդաշնակութեան մէջ ապրելու ուրախութիւն''։ Էքուատորի նախագահին ու ժողովրդին պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց ''քրիստոնեայ վառ հաւատքին եւ արդարութեան մէջ  յառաջդիմելու վճռական կամքին''`' որուն ականատես եղաւ ապա Մարոքի Մոհամէտ Զ-ի հեռագիրին մէջ մաղթեց ''ընկերային ու հոգեւոր բարգաւաճում''։ Սպանիայի ժողովուրդին ապահովեցուց իր աղօթքները վասն ''ներդաշնակ համակեցութեան '' եւ ''Աստուածային առատ պարգեւներու'' հուսկ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին` Սրբազան Հայրը ապահովեցուց ''յատուկ աղօթք մը իտալացի ժողովուրդի բարիքին, անդորրութեան ու բարօրութեան'' համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.